• Հայերեն
  • English
  • Français
  • Georgian
  • Русский
  • Español
  • Deutsch
  • فارسی
  • Türkçe
  • Italiano

Արգենտինայի մխիթարյանները մեր հյուրն են սեպտեմբերին

Յարգելի պր. Բլեյան

Այս տարի  մեր ճանապարհագիծը քիչ մը սեղմուած է, նկատի ունենալով, որ 21-ին օրը ազատ ձգած ենք Անկախութեան տօնախմբութիւններուն համար, բայց սիրով անպայման  օր  պիտի հատկացնենք կրթահամալիրի, ինչպէս դուք կը գրէք, մեր ավանդական այցելութեան:

Յետոյ` տեղոյն վրայ կը կազմակերպենք Անկախութեան տօնի օրը, ձեզ հետ միասնաբար ներկայ գտնուելու զանազան տօնախմբութիւններու, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք (եթէ դուք ոեւէ տեղեկութիւն ունիք, խնդրեմ գրեցէք): Մեր ուսուցչուհիին` Մարիին, հետ կարելի է ծրագրել այս բոլորը` իրենց հնարաւորութեան համեմատ:

Պր. Աշոտ, խնդրեմ սեպտեմբերի18-ին այգիին  և Օշականի այցելութեան ձեր դպրոցականներու պատուիրակութեան  եւ ընկերացող ուսուցիչներուն անուններով եւ անցաթուղթերու  թիւերով ցանկ մը ղրկէք ինծի, որ փոխանցեմ:

Մեր այս տարուան խումբը 16 աշակերտներ են եւ 2 պատասխանատու ուսուցիչ:

Յարգանքով` Ատրիանա