• Հայերեն
  • English
  • Français
  • Georgian
  • Русский
  • Español
  • Deutsch
  • فارسی
  • Türkçe
  • Italiano

«Մխիթար Սեբաստացի»-ի աշակերտները հիւրընկալուեցան «Մկնիկ» աշխատանոցին կողմէ

Այս տարի Մկնիկ կրթական աշխատանոցը կը հիւրընկալէ Հայաստանէն Աշոտ Բլէեանի տնօրինած Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրէն 11 հոգի՝ 9 աշակերտ, երկու ուսուցիչ, որոնք 10 օրուան համար Ֆրանսա հրաւիրուած են (Մայիս 25-էն Յունիս 4), Մկնիկի հետ միասին զանազան աշխատանոցներ վարելու եւ փոխանակումներ ունենալու եւ Համբարձման ճամբարին մասնակցելու համար։

Այս ծրագիրը կ՚իրագործուի փոխանակումի հիման վրայ. Հայաստանցիներուն այցելութենէն ետք, խումբ մը «մկնիկցի»-ներ ալ այս ամառ պիտի մասնակցին Մխիթար Սերբաստացի կրթահամալիրի կազմակերպած ամառնային ճամբարին։

«Սեբաստացի»-ներու աշակերտական խումբը բաղկացած է 13-էն 16 տարեկան պատանիներէ՝ 7 աղջիկ եւ 2 տղայ, իսկ ուսուցիչները՝ Աննա Երիցեան անոնց պարի եւ երաժշտութեան դասատուն եւ Կարինէ Թեւոսեան՝ ֆրանսերէնի ուսուցչուհին։ 

Հիւրերը իրենց հասած օրը (Շաբաթ, Մայիս 25) ներկայ գտնուեցան Մկնիկի շաբաթօրեայ աշխատանոցին։ Խումբը առաջին չորս օրերը մասնակցեցաւ փարիզեան շրջապտոյտներու, ինչպէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կերտուած Կոմիտասի յուշակոթողը, Էյֆէլեան աշտարակը, Լուվր թանգարանը, Թիւիլըրիի պարտէզը, Օփերայի շրջանը, Ժորժ Փոնփիտու կեդրոնը, Մարէի թաղամասը...։ Կատարեց նաեւ Սէնի վրայ նաւապտոյտ մը։ Իսկ Մայիս 28-ին Անաքօ տափանաւուն վրայ մասնակցեցաւ «Մեծ պազար»-ի կազմակերպած պարային երեկոյթին։

Խումբը՝ Կոմիտասի յուշակոթող այցելութեան առթիւ նշեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը, բռնեց շուրջպար, միասնաբար երգեց «Սոնա եար»-ը...։

Չորեքշաբաթի, Մայիս 29-ին խումբը Մկնիկի հետ մեկնեցաւ Փարիզէն շուրջ 1ՕՕ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «ԿԱՆԱՉ ՓԱՅԼ» (Eclat vert) գիւղական հիւրատունը՝ Վիլլիէ-սիւռ-Ֆէռ գիւղին մէջ, ուր 100 հոգինոց խումբ մը հինգ օրուան համար հաւաքուած էր մասնակցելու՝ Համբարձման տօնի ճամբարին։ 

Այս ձեռնարկը Մկնիկի տարեկան կրթական ծրագրին մաս կը կազմէ։ Այնտեղ նախատեսուած են զանազան աշխատանոցներ՝ երգ, պար, նկարչութիւն, պտոյտներ, երեկոյթներ, գանձարշաւ...։

Ինչպէս որ ժողովրդական աւանդութիւնը կը թելադրէ՝ -Համբարձման տօնին առիթով կը հաւաքեն 7 գոյնի ծաղիկներ, որոնք կը դնեն եօթն աղբիւրէ ջուր բերուած կուժի մէջ վիճակ քաշելու համար,- «Սեբաստացի»-ները իրենց շրջապտոյտներուն ընթացքին Փարիզի եօթը աւազաններէն շիշերու մէջ ջուր հաւաքած էին որպէսզի Մայիս 31-ին Մկնիկի ճամբարին ընթացքին երգերով ու պարերով համեմուած Համբարձման վիճակ քաշելու աւանդական հանդէսին գործածեն։
 

Մկնիկի կողմէ Հայաստանէն դպրոցական խումբ մը հրաւիրելու այս առաջին փորձը՝ ուղղակի շփումներ հաստատելու կարեւոր քայլ մըն էր։ Եւ Մկնիկը եւ Մխիթար Սեբաստացի ները ունին կրթական ճամբարներ կազմակերպելու երկար տարիներու փորձ։ Օրերը լեցուն էին զանազան մշակութային եւ ժամանցային ծրագրերով։ Օրերը երկար էին՝ առտուան 8-էն մինչեւ կէսգիշերը եւ աւելին ... Մանաւանդ պատանիներուն համար, որոնք կ՚ափսոսային քուն մտնելը, չխզելու համար իրենց հաւաքական զրոյցներն ու խաղերը։ Երգն ու պարը առաջնակարգ տեղ ունէին։ Երկուստեք՝ պատանիներուն ոգեւորութիւնը շատ մեծ էր։ Հինգ օր գիշեր ցերեկ միասին ապրիլը, ուտել-խմելը, ցատկել-վազելը, պատմել-զրուցելը կը ստեղծէ անմոռանալի պահեր, յիշատակներ։ Անոնք միասնաբար գրեցին նաեւ իրենց ճամբարային տպաւորութիւններուն մասին։ Բաժնուեցան նորէն շուտով տեսնուելու ցանկութեամբ, այս անգամ Յուլիսին՝ Նոր Մալաթիա համայնքին մէջ (աւելի ծանօթ՝ Պանկլատէշ անունով), Մխիթար Սեբաստացի դպրոցի կազմակերպելիք ճամբարին ծիրէն ներս։ Նոյնքան մեծ էր խանդավարութիւնը ծնողներուն, որոնք օր ու գիշեր կը զբաղէին մատակարարութեամբ, խոհանոցով, մաքրութեամբ... անոնց շնորհիւ անպակաս էր Համբարձման հարիսան, խորովածը... եւ հայկական խոհանոցին իւրայատուկ բազմազան համադամներ։

Աղբյուրը՝ norharatch.com։

«Սեբաստացի»-ի տղաքը «Սոնա եար» կ՚երգեն ու կը պարեն Կոմիտասի արձանին առջեւ, Փարիզ