• Հայերեն
  • English
  • Français
  • Georgian
  • Русский
  • Español
  • Deutsch
  • فارسی
  • Türkçe
  • Italiano

Գրում է Ադրիանա Սուբարլյանը

 

Յարգելի Պր. Բլեյան,
 
Այս շաբաթավերջը   աշակերտները իրենց ճամբորդութենէն վերադարձան .  բոլորն ալ չափազանց ուրախ եկան: Պատմածներուն համաձայն (ուսուցիչ եւ աշակերտ) շատ անմոռանալի եւ յուզիզ պահեր անցուցին Հայաստանի մէջ, եւ յատուկ ձեւով տպաւորուեցաւ իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ապրած ուրախ եւ յուզիզ վայրկեանները ձեր վարժարանի տաք մթնոլորտին  մէջ եւ ձեր աշակերտութեան հետ ստեղծուած կապը:
Իսկապէս  կամաց-կամաց սկսանք ամրապնդել մեր երկու վարժարաններուն կապերը դրական արդիւնքով:
Յուսամ, որ ձեր երեխաներուն տպաւորութիւններն ալ նոյնպէս եղած ըլլան մեր խումբին հանդէպ:
Յաջորդ տարի, եթէ կը փափագիք, կրնանք միասնաբար  ուրիշ գործունէութիւններ ալ կազմակերպել:
Ակեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ նաեւ ձեզի եւ ձեր աշակերտութեան  ղրկած երկու գեղեցիկ նուէրներուն համարԱրդէն տեսչարանս  կը զարդարեն:
Մենք հոս, ինչպէս որ ձեզի հետ ամառը խօսեցանք, 2012-ին ձեր վարժարանէն փոքրիկ խումբը աշակերներ հիւրասիրելու  ծրագիրին   առաջին  քայլերը սկսանք:
 
Յարգանքով` Ատրիանա